Վերջերս Լիբանան կը գտնուէր փրոֆեսէօր Վիքթոր Կատվալեանը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկին տնօրէնն է:
Ան յատուկ առաքելութեամբ մասնակցեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողովի հանդիպումին, որուն ընթացքին որոշուեցաւ շուտով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ սփիւռքի նախարարութեան ու լեզուի հիմնարկի յանձնաժողովներուն միջեւ հետեւողական գործակցութեան գործընթացներ յառաջացնել եւ մօտ ապագային գիտաժողով մը կազմակերպել` արեւմտահայերէնի, ուղղագրութեան եւ յարակից հարցերուն առնչուած:
Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ փրոֆ. Վիքթոր Կատվալեանին հետ` մօտէն ծանօթանալու Հրաչեայ Աճառեանի անուան հիմնարկի գործունէութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողովի աշխատանքներուն մասին:
«Ա.».- Խօսինք Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի գործունէութեան մասին:
Վիքթոր Կատվալեան.- Ես կը ներկայացնեմ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկը, որ հիմնուած է 1943 թուականին. այս տարի կը լրանայ հինարկին 75-ամեակը. միաժամանակ ըսեմ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ակադեմիան հիմնուած է 1943-ին: Ան բաղկացած է գիտական հաստատութիւններէ, որոնցմէ մէկն ալ լեզուի հիմնարկն է, ուր շատ նշանաւոր գիտնականներ աշխատած են 75 տարիներու ընթացքին: Հիմնարկը շատ հետաքրքրական աշխատանքներ ծաւալած է, կարելի է ըսել` մեծ նուաճումներ ունի հայոց լեզուի ուսումնասիրութեան բնագաւառին մէջ. հիմնարկին մէջ աշխատած են` Հրաչեայ Աճառեանը, Գրիգոր Ղափանցեանը, Արարատ Ղարիբեանը, Էդուարդ Աղայեանը, Գէորգ Ջահուկեանը եւ շատ նշանաւոր լեզուաբաններ: Մեր հիմնարկի կամարներուն տակ ստեղծած են իրենց նշանաւոր աշխատանքները, հայագիտութեան ամէնէն կարեւոր աշխատանքները: Բառարաններ գրուած են մեր հիմնարկին մէջ: Արդի հայերէնի ակադեմական հրատարակութիւն եւ հայոց լեզուի պատմութեան նուրիուած ուսումնասիրութիւններ կատարուած են: Այսօր ալ հիմնարկը կը շարունակէ իր ուսումնասիրութիւները կատարել եօթը բաժիններով: Հայոց լեզուի պատմութեան բաժինը կ՛ուսումնասիրէ հայերէնի զարգացման պատմութիւնը` նկատի ունենալով հայերէնի զարգացման տարբեր փուլերը` գրաբար, միջին հայերէն, աշխարհաբար, աշխարհաբարի տարբեր շրջաններ: Արդի հայերէնի բաժինը կը զբաղի գրական եւ խօսակցական արեւելահայերէնի ուսումնասիրութեամբ: Բարբառագիտութեան բաժինը կը զբաղի հայերէնի բարբառներու ուսումնասիրութեամբ. մենք կը փորձենք բոլոր բարբառային միաւորները ուսումնասիրել. կ՛երեւի` գիտէք, որ մօտաւորապէս հինգ տասնեակ հայերէն բարբառներ կային, որոնցմէ փոքր մաս մը այժմ կը գործածուի: Ո՛չ միայն մեր ժողովուրդը Եղեռնի զոհ դարձաւ, ո՛չ միայն տարածքներ կորսնցուցինք, այլ նաեւ` լեզուական շատ կարեւոր հատուած մը, «կը» ճիւղի արեւմտահայ բարբառները կորուստի մատնուեցան. բարեբախտաբար այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ «կը» ճիւղի չորս-հինգ փրկուած բարբառ կայ` Մշոյ, Սասնոյ, Տիատիմի, Կարնոյ եւ վերջերս մեր հիմնարկը յայտնաբերեց կենդանի մնացած հինգերորդ բարբառը. մենք բարբառագիտական արշաւներ կը կատարենք, Հայաստանի բոլոր գիւղերը կը փորձենք ըլլալ, ձայնագրութիւններ կատարել, արձանագրել բարբառային խօսքը, եւ յանկարծ յայտնաբերեցինք, որ Վանի բարբառը կը գործածուի գիւղերէն մէկուն մէջ. Կոտայքի մարզի Հրազդանի տարածաշրջանի Լեռնանիստ գիւղին մէջ յայտնաբերեցինք Վանի բարբառը: Մեզի համար շատ մեծ անակնկալ էր: Մենք կը կարծէինք, որ Վանի բարբառը նոյնպէս անհետացած է, չի գործածուիր որպէս հաղորդակցութեան միջոց, բայց պարզուեցաւ, որ այդ գիւղին մէջ կայ Վանի բարբառ: Հայրենագիտական միջազգային գիտաժողովին ես զեկուցումով հանդէս եկայ այդ մասին եւ կը պատրաստուիմ ընդարձակ ուսումնասիրութիւն կատարել այդ խօսուածքի վերաբերեալ: Հետաքրքրական լեզուական իւրայատկութիւններ կը բացայայտենք ուսումնասիրութիւններու ընթացքին: Պարզած ենք նաեւ, որ որոշ բարբառներուն մէջ ներգոյական հոլովի իմաստը կ՛արտայայտուի տրական հոլովով. ընդհանրապէս հայերէնի մէջ տարածուած բան չէ ասիկա, արեւմտահայ բարբառներուն մէջ սովորաբար «մէջ» կապով կ՛արտայայտուի կամ հայցական հոլովով. պարզուեցաւ ունինք խօսուածքներ տրականով կ՛արտայայտուի. այսինքն` «Տղես քաղաքին է»: Կ՛ուզեն ըսել` քաղաքն է: «Պանիրը կճուճին է»: Պանիրը կճուճին մէջն է: Կենդանի հայերէն խօսքը բարբառներու տեսքով կը դրսեւորի Հայաստանի մէջ, եւ շարունակ ուսումնասիրելու եւ նոր բաներ գտնելու լաւ առիթ եւ հնարաւորութիւն ունինք: Ունինք ընդհանուր եւ համեմատական լեզուաբանութեան բաժին, որ կը զբաղի ընդհանուր լեզուաբանական խնդիրներու քննութեամբ, բայց` հայերէնի նիւթին վրայ: Հայերէնի նիւթով կ՛ուսումնասիրուին ընդհանուր լեզուաբանական իրողութիւններ եւ կը դիտարկուին նաեւ հայերէնի եւ այլ լեզուներու փոխյարաբերութիւնները: Գիտէք, որ հայերէնը հնդեւրոպական լեզու է, այսինքն կը դիտարկուին ոչ միայն հայերէնի եւ հնդեւրոպական լեզուներու առնչութիւնները, այլ նաեւ կը զարգանայ նոստրատիկ լեզուաբանութիւն, որ կ՛ուսումնասիրէ աւելի խորը գացող լեզուներու փոխյարաբերութիւնները, այսինքն` հնդեւրոպական լեզուներու եւ, ենթադրենք, ուքրոֆիննական լեզուներու փոխյարաբերութիւնները: Կը ծրագրենք նաեւ ուրարտերէնի վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններ ծաւալել, տեսնել հայերէնի եւ ուրարտերէնի առնչութիւնները: Ունինք նաեւ բառարանագրութեան բաժին, որ կը զբաղի նոր բառեր յայտնաբերելով: Լեզուն անընդհատ կը զարգանայ, նոր բառեր կը ստեղծուին, եւ այդ նոր բառերը պէտք է բառարաններուն մէջ արտացոլուին: Մեր աշխատանքային խումբը կը կարդայ գրականութիւն, մամուլ, դուրս կը բերէ այդ բառերը, որոնք կը թուին, որ պէտք է նորակազմ ըլլան, կը համեմատեն բառարաններուն հետ, եւ եթէ արտացոլուած չեն բառարաններուն մէջ, կը համարեն նոր բառեր եւ կը բառարանագրեն. իւրաքանչիւր տարի մենք մէկ պրակով կը հրատարակենք նոր բառեր, որոնք քաղաքացիութիւն կը ստանան, կը բառարանագրուին: Ունինք կիրառական լեզուաբանութեան բաժին, որ կը զբաղի նորագոյն տեղեկատուական միջոցներու օգտագործմամբ լեզուի ուսումնասիրութեամբ. այժմ համացանցը շատ մեծ դեր ունի լեզուի ուսումնասիրութեան հարցին մէջ, համակարգիչով կարելի է շատ արագ ուսումնասիրութիւններ կատարել. եթէ առաջ համաբարբառ կազմելու համար աշխատակիցը պէտք է մէկ առ մէկ դուրս գրէր նախադասութիւնները, բառերը, շարէր, մեծ ծաւալի աշխատանք տանէր, այժմ համակարգիչը շատ արագ այդ կարգի աշխատանքներ կը կատարէ: Մենք ստեղծած ենք համաբարբառ կայք, ուր բոլոր համաբարբառները ներածելու ենք, հսկայական ծաւալի նիւթ ըլլալու է, ոեւէ ուսումնասիրող որեւէ բառի, նախադասութեան գործածութեան օրինակները կրնայ ստանալ համացանցին մէջէն, կարելի է տեսնել գրաբարեան մատենագրութեան մէջ տուեալ բառը ի՞նչ կիրառութիւններ ունեցած է տարբեր հեղինակներու քով: Կայքը պատրաստ է եւ շուտով շնորհահանդէսով պիտի բացուի`
hamabarbar.am:
Հինգ տարիէ արդէն արեւմտահայերէնի բաժին ունինք: 2013 թուականին սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը համաձայնութեան եկաւ ակադեմիայի հայագիտութեան բաժինի ակադեմիկոս քարտուղար Սոււարեանի հետ, երկուքն ալ նոյն մտքին էին, որ պէտք է լեզուի հիմնարկին մէջ ըլլայ արեւմտահայերէնի բաժին: Եւ այսպիսով, լեզուի հիմնարկին մէջ ստեղծուեցաւ արեւմահայերէնի բաժին: Հինգ տարիէ կը գործէ այդ բաժինը եւ կը զբաղի արեւմտահայերէնի խնդիրներով: Արեւմտահայերէնի խնդիրները տարբեր են` արեւմտահայերէնի պահպանում, արեւմտահայերէնի զարգացում եւ տարածում, արեւմտահայերէնի կանոնակարգում, արեւմտահայերէնի ուսուցման խնդիրներ, արեւմտահայերէնի ուսումնասիրութեան խնդիրներ. այս բոլորը ի հարկէ արեւմտահայերէնի պահպանութեան համար տեղի կ՛ունենան: Մենք իբրեւ գիտական հիմնարկութիւն, կրնանք այդ հատուածին մէջ դրսեւորուիլ արեւմտահայերէնի ուսումնասիրութեամբ, մենք գիտահետազօտական գիտական հաստատութիւն ենք եւ ծաւալած ենք աշխատանքներ արեւմտահայերէնը ոսումնասիրելու ուղղութեամբ, բազմաթիւ յօդուածներով մեր գիտնականները հանդէս եկած են, մենագրութիւններ պատրաստած են: Մեզի շատ կ՛աջակցի Սփիւռքի նախարարութիւնը, որ տարեկան երկու թեմա կ՛առաջարկէ եւ կը ֆինանսաւորէ, դրամաշնորհ կը տրամադրէ. մեր ուսումնասիրողները կը կատարեն իրենց աշխատանքները` վերջին հաշուով, նպատակն այն է, որ ունենանք միասնական ակադեմական արեւմտահայերէնի քերականութիւն, կայ այդպիսի ակադեմական եռահատոր քերականութիւն արեւելահայերէնի համար, ուր հաշուի առնուած են գիտութեան բոլոր ձեռքբերումները, եւ ամբողջովին նկարագրուած է արեւելահայերէնը: Մենք խնդիր դրած ենք այդ կարգի աշխատանք մը ստեղծել արեւմտահայերէնին համար, որ թոյլ կու տայ տարբեր համայնքներու առանձնայատկութիւնները նկատի ունենալով, բայց յենելով մէկ միասնական քերականութեան վրայ` ստեղծել դպրոցական դասագիրքեր:
Ցաւօք սրտի, Այտընեանի քերականութենէն ետք արեւմտահայերէնը չունեցաւ այդպիսի համապարափակ, համակողմանի քերականութիւն, մենք կը կարծենք, որ եկած է ժամանակը, որպէսզի ունենանք այդպիսի քերականութիւն: Մեր աշխատակիցները այդ ուղղութեամբ արդէն կ՛աշխատին: Մենք ունինք Սուրիայէն եկած մտաւորականներ` Յակոբ Չոլաքեանը, Անի Ֆիշենկճեանը եւ Լենա Նազարեանը, որոնք մեր հիմնարկի աշխատակիցներն են, ունինք նաեւ արեւելահայ մասնագէտներ, որոնք արմատներով արեւմտահայ են:
Ունինք շատ բարձրակարգ գիտնականներ, որոնք մեծ նուիրում հանդէս կը բերեն, ջանք ու եռանդ չեն խնայեր, նուիրումով կ՛աշխատին եւ կը կատարեն իրենց ուսումնասիրութիւնները. օրինակ` մեր հիմնարկը ունի 60 գիտաշխատող եւ տարեկան կը հրապարակէ 15-20 մենագրութիւն եւ 80-90 յօդուած: Քիչ չէ, որովհետեւ լեզուաբանական, լեզուի մասին ուսումնասիրութիւն գրելը դժուարին աշխատանք է. իւրաքանչիւր յօդուածի համար մարդիկ ամիսներով ուսումնասիրութիւններ պէտք է կատարեն, միտքեր խմբաւորեն, խնդիրներ լուծեն: Լեզուաբանական յօդուածը խնդիրի լուծում կ՛ենթադրէ անպայման, չի կրնար նկարագրական ըլլալ: Միայն լեզուի ուսումնասիրութեան խնդիրներով չէ, որ մենք կը զբաղինք, այլ նաեւ` լեզուաքաղաքականութեան խնդիրներով, լեզուի պահպանութեան, տարածման խնդիրներով: Աշխուժօրէն կը մասնակցինք տարբեր քննարկումներու, մենք ձեռնարկներ կը կազմակերպենք ամէն տարի փետրուար 21-ին` մայրենիի օրը: Մենք անպայման մայրենիի օրը կը նշենք գիտաժողովով կամ կլոր սեղան քննարկումներով: Այս տարի կը մտածենք փետրուար 21-ը նուիրել արեւմտահայերէնի խնդիրներուն: Մասնակիցներուն պիտի առաջարկենք այդ խնդիրներուն շուրջ ներկայացնել իրենց ընելիքները, ոչ թէ գան ըսեն, որ վատ է վիճակը, արեւմտահայերէնը վտանգուած է, այլ առաջարկներ ներկայացնեն, թէ ի՞նչ պիտի ընեն, որպէսզի նպաստեն արեւմտահայերէնի պահպանութեան: Մասնակիցները պէտք է ըլլան ոչ միայն անհատ մտաւորականներ, այլեւ` տարբեր համալսարաններու, ամպիոններու ներկայացուցիչներ, գիտական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, ղեկավարներ, որոնք կրնան բան մը կազմակերպել: Օրինակ` մենք մեր հիմնարկով ունինք մեր առաջարկները, ծրագիրները, զորս պիտի ներկայացնենք այդ գիտաժողովի ընթացքին: Սփիւռքի նախարարութիւնը պատրաստած է արեւմտահայերէնի պահպանութեան զարգացման եւ կանոնակարգման ռազմավարական ծրագիր, այդ ծրագիրը ուղարկուած է Հայաստանի մէջ տարբեր գիտական հաստատութիւններու, ուղարկուած է նաեւ Արամ Ա. վեհափառի հովանիին ներքեւ գործող Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողովին, եւ այժմ Հայաստանի մէջ եւ այստեղ ռազմավարական այդ ծրագիրը քննարկման մէջ է, եւ նպատակ ունինք նաեւ այդ ռազմավարական ծրագիրը քննարկել փետրուար 21-ին: Այդ ծրագիրը շատ հետաքրքրական բաժիններ ունի, այնտեղէն կարելի է բխեցնել քայլեր, գործողութիւններ: Գնահատելի է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը` ի դէմս սփիւռքի նախարարութեան. այսպիսի ձեռնակով հանդէս եկած է եւ տէր կը կանգնի արեւմտահայերէնին, վերջին հաշուով հայոց պետութիւն կայ եւ պետութիւնը պարտաւոր է նաեւ տէր կանգնիլ իր պետական լեզուին, իսկ արեւմտահայերէնը նոյնպէս պետական լեզու է:
Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ