Արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի մերձեցման հարցի լուծումը՝ երկու ուղղագրութիւններու միասնականացումով, դասականի հիմքի վրայ: Դոկտ. Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան.

Յարգելի ներկաներ,

Վստահ եմ որ բոլորս ալ համաձայն ենք թէ լեզուն մեզի համար մի միայն հաղորդակցութեան միջոց չէ, այլ Հայու մեր ինքնութիւնն է: Այս իմաստով շատ ճիշդ կը գտնենք Հ.Հ. վսեմաշուք Նախագահ Սերժ Սարգսեանի յայտարարութիւնը, իր ընտրութեան եւ երդման առթիւ արտասանուած,  թէ՝ «Լեզուն մեր ժողովուրդի հոգեւոր միասնութեան  գլխաւոր  բաղադրիչն  է: Կառուցելու  ենք ա՛յն  Հայաստանը, որը կը միաւորի համայն Հայութեանը»:  Արդարեւ, պատմաքաղաքական բաժանման եւ ցրւումի ենթարկուած մեր ազգի համար միասնականութիւնը այսօր գեր -խնդիր է դարձած, մարտահրաւէր մըն է:

''Լեզուի միասնութեան հարց''  ըսելով  կը հասկնանք ոչ թէ խօսակցական լեզուները, այլ գրաւոր լեզուն՝ գրական արեւելահայերէնը  եւ գրական արեւմտահայերէնը:                Որովհետեւ խօսակցական լեզուները  բազմաթիւ են (Արեւելահայերէն  արեւմտահա-յերէն, նաեւ՝ բարբառներ), եւ կարելի չէ իւրաքանբչիւրի հնչիւնային ու շարահիւսական  դրութեան վրայ ազդել, այլ կարելի է միայն  բառարաններ կազմելով ժողովուրդին առաջարկել համապատասխան եզրերը, ինչպէս՝ շտապել- աճապարել, սպիտակ- ճերմակ,եւլն.:

Գրաւոր լեզուն անհամեմատ աւելի կարեւոր է, քանի որ տուեալ ժողովուրդի  ինքնութիւնը կը ներկայացնէ, մտածողութիւնը կը ձեւաւորէ, ժողովուրդի կեանքին  եւ  մշակոյթին  մասին  վկայութիւն  կու տայ,  եւ ուրեմն պատմական դեր մը կը կատարէ:  Գրաւոր լեզուն է որ կը միացնէ բարբառներով իրարմէ անջատուած ժողովուրդը: Մաշտոցի սկզբունքն ալ այդ էր արդէն.- խօսելակերպով  տարբերուող ժողովուրդը միասնացնել՝ գրելակերպով, իր ստեղծած այբուբենով: Դժբախտաբար, մենք, Հայերս, թէ՛ լեզուով  բաժնուած ենք իրարմէ, եւ թէ՝ գրելակերպով:  

Արդարեւ, 4 Մարտ 1922-ի սովետական տեկրետռվ (հրամանագրով)  եւ զուտ քաղաքական պատճառներով փոփոխութեան ենթարկուեցաւ Մաշտոցեան մեր համազգային ուղղագ-րութիւնը:  Հայաստանի ժողովուրդին պարտադրուեցաւ օգտագործել Մանուկ Աբեղեանի ''հնչիւնային նոր ուղղագրութիւնը'',  որ սակայն հայերէնի հնչիւնաբանական եւ քերակա-նական դրութիւնը խանգարելուն  պատճառով հակագիտական  որակուեցաւ,  չընդունուե-ցաւ Սփիւռքահայ եւ օտար հայագէտներուն, լեզուաբաններուն կողմէ, ''խեղագրութիւն'' կոչուեցաւ եւ  խզում  յառաջացուց   արեւելահայ  ու արեւմտահայ հատուածներուն  միջեւ:   Նոյնիսկ Պարսկահայերը, որոնք Արեւելահայ  են,  միահամուռ կերպով մերժեցին այս ազգաբաժան, վնասակար ուղղագրութիւնը:  

 

ԱԲԵՂԵԱՆԱԿԱՆ ՆՈՐ ՈՒՂՂԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՃԱՌԱԾ ՎՆԱՍՆԵՐԸ-

1) Վնասներու առաջինը եւ գլխաւորը  Հայու  ազգային   ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ   դէմ  կատարուած  յարձակումն  է, որ ծանր  հարուած   հասցուց  սփիւռքահայերուն՝  հոգեբանական գետնի վրայ: Սփիւռքահայոց մէկ խոշոր հատուածին համար, արեւմտահայ մշակութային ինքնութիւնը մերժող Հայաստանը  դադրեցաւ  Հայոց  հայրենիքը նկատուելէ: Մաշտոցեան գիրը, որպէս շրջուն հայրենիք, փոխարինեց Հայաստանը: Փոխշփումները նուազեցան, Հայութեան երկու  հատուածները  հետզհետէ  հեռացան  իրարմէ,   լեզուամտածողոթեամբ   եւ հոգեբանութեամբ օտարացան իրարու: Խորթացում յառաջացաւ նաեւ համազգային հարցերու մէջ:  Հոգեկան   միասնութեան   այս   խզումը  կը շարունակուի դեռ:

2- ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԳԵՏՆԻ ՎՐԱՅ  ՅԱՌԱՋԱՑԱԾ ՎՆԱՍԸ-

Երկու  տարբեր ուղղագրութիւններով գրուած երկու տարբեր գրականութիւնները երկու տարբեր մտածողութիւններ եւ հոգեբանութիւններ կը ցոլացնեն, հետեւաբար մշակոյթով տարբեր երկու  ազգերու  կը վերածեն  մեզ:

3-ԿՐԹԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ՈՒՂՂԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՅԱՌԱՋԱՑՈՒՑԱԾ ՎՆԱՍԸ-

Պարզ է որ դպրոցի մէջ տրուած հայերէնի ուսուցումը անհրաժեշտ է համալրել մանկապատանեկան գրականութեամբ, քանի որ ազատ ընթերցումի շնորհիւ է  որ լեզուն կը հիմնաւորուի աշակերտի ուղեղին մէջ ու կը դառնայ «մայրենի»: Սակայն Սփիռքի կազմութենէն մինչեւ այսօր, ուղղագրութեան տարբերութեան պատճառով  հնարաւոր չէ եղած  Հայաստանեան  դասագրքերէ, մանկապատանեկան եւ գեղարուեստական  գրականութենէ  օգտուիլ:  Սփիւռքի  մէջ   չորս   սերունդի  ձուլումը,   ուրեմն,  արդիւնք  է  աբեղեանական   ուղղագրութեան  հետեւանքով  մեր  ժողովուրդի  երկու  հատուածներուն  միջեւ  գոյացած  հեռաւորութեան:

Ներկայիս, շատ աւելի մեծցած է այս  հեռաւորութիւնը, Հայաստանէն արտագաղթողներու պատճառով, որոնք արեւելահայերէնով եւ աբեղեանական ուղղագրութեամբ դպրոցներ կը բանան Սփիւռքի մէջ,  երբեմն նո՛յն վայրին մէջ, կողք կողքի մերիններուն հետ եւ կը կացինահարեն մեր ջանքերը արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան եւ տարածման գետնի վրայ: Հայաստանէն արտագաղթած այս անձերուն համար արեւմտահայերէնը խորթ է, իսկ մեսրոպեան դասական ուղղագրութիւնը՝ բոլորովին անընդունելի: Ծնողներ կան, որոնք աներկբայօրէն օտար վարժարան կ՛ուղարկեն իրենց զաւակները: Իսկ որոշ Հայաստանցիներ ալ չեն կարողանար որոշել թէ ո՞ւր պէտք է ուղարկեն իրենց զաւակը, հետեւաբար՝ ո՛չ այս կողմ, ո՛չ ալ այն կողմ, կ՛որոշեն օտար վարժարան ուղարկել զայն: Մէկ տարի յետոյ այդ զաւակը արդէն ձուլման ճամբան բռնած է, ծնողքին հայերէն խօսքերուն ո՛չ թէ հայերէնով, այլ տեղական օտար լեզուով կը պատասխանէ: Ահա թէ ո՛ւր հասած է բաժանումը մեր ժողովուրդի երկու հատուածներուն միջեւ: Արեւմտահայերէնի հանդէպ խորհրդային ժամանակներէ մնացած խտրականութիւնը դեռ կը շարունակուի     24 տարիներէ ի վեր անկախացած Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ եւ նոյնիսկ կ՛արտածուի...Սփիւռք,

    - Վերջին տարիներս լեզուական պայքարը երկրորդական մակարդակ մղուեցաւ՝ առաջնահերթութիւնը թողլով Ցեղասպանութեան համատարած ընդունման պայքարին: Եւրոպական քաղաքները լեցուեցան Ցեղասպանութեան յուշարձաններով, որոնց վրայ սակայն, խեղագրութեամբ է որ արձանագրուած է ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը, որովհետեւ տուֆակերտ յուշարձանին քարտաշը հայաստանցի է...

   - Կրթութեան-Գիտութեան եւ Սփիւռքի Նախարարութիւնները Սփիւռքի հետ իրենց բոլոր թղթակցութիւնները, համացանցի վրայ տրուած յայտարարութիւնները, հայ մշակոյթի մասին մրցոյթները կը կազմակերպեն ''նոր'' ուղղագրութեամբ, առանց նկատի առնելու  թէ այդ կերպով աբեղեանական գրելակերպն է որ կը տարածեն Սփիւռքահայ զանգուածներուն մօտ, ի հեճուկս արեւմտահայերէն գրաւոր լեզուին,

- ՀՀ Կրթութեան Նախարարութիւնը կը ջանայ փոխադարձութեան հիման վրայ, Հայաստանի մէջ ֆրանսերէնի դասաւանդման փոխարէն հայերէնի դասաւանդութիւն հաստատել Ֆրանսայի ֆրանսական վարժարաններուն մէջ, սակայն չէ շեշտուած թէ արեւմտահայերէնի մասի՞ն է խօսքը, թէ ոչ՝  պարզապէս ''հայերէնի'' դասաւանդութեան, որ օտար պետութիւններու աչքին Հայաստանի պաշտօնական լեզուն եղող արեւելահայերէնն է՝  իր աբեղեանական ուղղագրութեամբ, քանի որ օրտարները տեղեակ չեն մեր լեզուական կացութեան, արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան մեր  պայքարին,

- Սփիւռքի մէջ ահագին զոհողութիւններով ամենօրեայ եւ միօրեայ վարժարաններ կը պահենք, հայերէն կը սորվեցնենք, սակայն մեր ամբողջ աշխատանքը պարապին է, որովհետեւ աշակերտը կասկածի կ՛ենթարկէ  իր ուսուցիչին  ուսուցումը,  երբ Հայաստան գալով տարբեր ուղղագրութիւն մը կը տեսնէ: Աշակերտը կը մտածէ թէ Հայաստան, Հայոց հայրենիքը, չի կրնար սխալ գրել, հետեւաբար իր ուսուցիչին սորվեցուցածը սխալ է...:          - Զբօսաշրջիկներ Հայաստանէն մանկապատանեկան գիրքեր նուէր կը բերեն իրենց ազգականներու երեխաներուն, բոլորն ալ խեղագրութեամբ տպագրուած, որոնք կը խաթարեն աշակերտին գիտելիքները: Սփիւռքահայեր Հայաստան կ՛երթան եւ փողոցներու երկայնքին, ցուցատախտակներու վրայ, այդ խորթ ուղղագրութեան կը հանդիպին եւ իրենց գիտցած ուղղագրութիւնն ալ կը մոռնան,

   -  Մեր թերթերը յաճախ երկու ուղղագրութիւններով գրութիւններ կը հրատարակեն կողք կողքի, հայաստանեան որոշ լուրերու ուղղագրութիւնը դասականի վերածելով, երբեմն ալ որոշ նիւթեր, ժամանակի սղութեան պատճառով ''նոր'' ուղղագրութեամբ  անփոփոխ պահուած կը հրատարակուին,

  - Հայաստանի կողմէ ներկայիս փորձ կը կատարուի արեւմտահայերէնով եւ դասական ուղղագրութեամբ դասագիրք հրատարակելու եւ Սփիւռք ուղղարկելու: Սփիւռքի Նախա-րարութեան կողմէ հրատարակուեցաւ, օրինակ, այբբենարան եւ ընթերցարան: Այս փորձն ալ սակայն, գրաւոր լեզուի անջատուածութիւնը շարունակելու կը ծառայէ, դժբախտաբար, այլ ո՛չ թէ՝ դարմանելու: Եւ արդէն կարելի չէ հայաստանեան ամբողջ մանկապատանեկան գրականութիւնը արեւմտահայերէնով եւ դասական ուղղագրութեամբ տպագրել ու հասցնել Սփիւռքի համայնքներուն: Այսպէս է որ մեր երախաներն ու պատանիները կը զրկուին հայերէն համապատասխան գրականութիւն կարդալէ,

  • Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան եւ զարգացման համար յաճախ խնդրած ենք որ

Հայաստանի ամենատարածուն հանրային հեռուստաընկերութիւնը (Հ1), ամէն օր 10 րոպէով հեռասփռէ օրուան ամենակարեւոր լուրերու  ամփոփումը ՝ արեւմտահայերէնով եւ դասական ուղղագրութեամբ, որպէսզի Սփիւռքահայերը կարողանան կարդալ,հասկնալ եւ հետեւիլ Հայաստանի առօրեային: Հայաստան-Սփիւռք հաղորդակցութեան համար ասկէ աւելի լաւ միջոց դժուար է երեւակայել: Բայց այս խնդրանքը  անյայտ պատճառով  տարիներէ ի վեր չի կատարուիր: Հայաստանի իշխանութիւները չեն զգար իրենց պարտաւորութիւնը՝ տէր կանգնելու համազգային ժառանգութիւն եղող եւ համամարդ-կային գրամշակութային արժէք ներկայացնող արեւմտահայերէնին: Այդ արժէքը չեն զգացներ նաեւ իրենց ժողովուրդին:

Այսօր, կրթական կեանքի մէջ նոր ուղղագրութեան յառաջացուցած երկուութեան պատճառով է որ կը վտանգուի արեւմտահայերէնը:  Եւ ասոր մէջ մեծ է Հայաստանի իշխանութիւններուն  պատասխանատուութիւնը: Սակայն Սփիւռքի մեր կրթական եւ հասարակական կազմակերպութիւններն ալ ունին իրենց պատասխանատուութիւնը՝ արեւմտահայ լեզուի եւ դասական ուղղագրութեան հարցի մէջ վախկոտութեամբ վարուելու,  այս ''թապու'' նիւթին կապակցութեամբ միահամուռ պահանջատիրութիւն չցուցաբերելու պատճառով եւ այս վախկոտութիւնը՝ պարզապէս  ''թշնամի'' չնկատուելու համար Հայաստանի կողմէ, քանի որ արդէն գոյութիւն ունեցած է 2002-ին հայաստանեան երեք թերթերու մէջ լոյս տեսած զրպարտագիր մը, որ դասական ուղղագրութեան կողմնա-կիցները կը նկատէր ''օտար հայատեաց կեդրոնների կողմից վճարուած դաւաճաններ, որոնք քանդել կը ջանան հայ մշակոյթը'' : Այս զրպարտագիրը գայթակղութիւն յարուցեց Հայաստան-Սփիւռք երկրորդ   Խորհրդաժողովին: Ուստի, սփիւռքահայութիւնը, այդ թուականէն  ի վեր, ''մածունը փչելով կ՛ուտէ'', պահանաջատիրութեան փոխարէն համբերութեան անիմաստ եւ սխալ ձեւը որդեգրելով:

 

4- ԼԵԶՈՒԱԳԻՏԱԿԱՆ ԳԵՏՆԻ ՎՐԱՅ ՆՈՐ ՈՒՂՂԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՎՆԱՍՆԵՐԸ-

-Աբեղեանական նոր ուղղագրութիւնը 1922-էն ի վեր փոխած է հայերէն բառերու  աւանդական պատկերը: Բառապատկերներու փոփոխութեան հետեւանքով երկու կողմերն ալ փոխադարձաբար չեն կարողանար դիւրութեամբ կարդալ իրարու գրականութիւնն ու մամուլը եւ հասկնալ խորքով,

- տարբեր իմաստներ ունեցող բառերը նոյն ձեւով գրելու հետեւանքով բառերու     արմատները արժեզրկուած են, բառերու կազմախօսական (morphologique) վիճակները անտեսուած են:

- հայոց լեզուին մէջ շատցած են ''համանուն'' (Homonymes) կոչուող նոյնահունչ   բառերը (հարկ-յարկ, համր-յամր, յարդ, հարթ, եւլն.) ինչ որ նպաստաւոր չէ որեւէ լեզուի,

- արմատներու  արժեզրկման  հետեւանքով  կարելի  չէ  ստուգաբանութիւն        կատարել, որով հայերէնը կորսնցուցած է  իր պատմա-մշակութային արժէքը, 

- այբուբենէն  «ւ»  տառի ջնջումի  հետեւանքով  ջնջուած են երկբարբառները,       այսինքն՝ մեր  լեզուի հնչիւնային հարստութեան մէկ մասը կորսուած է,

- հայերէնի  հնչիւնափոխութեան  դրութիւնը խախտած է,

- խախտած է նաեւ բառաբարդման եւ ածանցման դրութիւնը,

- խանգարուած են  տոմարական  հաշիւները,  

-այբուբենէն  ջնջուած  ''ւ'' տառը անտրամաբանականօրէն շարունակած է գոյութեան իրաւունք ունենալ  «եւ », «ու » շաղկապներուն  եւ այլ բառերու մէջ,      

- 'ւ''ի ջնջումը, մանաւանդ փոքրատառ ''եւ''-ին մեծատառ ''ԵՎ''-ի  վերածուիլը,  ըստ մասնագէտներուն, արգելք կը հանդիսանայ համակարգչային հաղորդակցութեան, եւլն.:

 

Ժամանակի սղութեան պատճառով, այս բոլորին մասին մանրամասն բացատրու-թիւնները եւ ապացոյցները կը վերապահեմ  նեղ մասնագիտական ժողովի մը:

Այսօր, գիտութեան եւ ճարտարագիտութեան յառաջացած մեր դարուն, աշխարհիս վրայ  հաղորդակցութիւնը, տեղեկատուութիւնը, նոյնիսկ կրթութիւնը կը կատարուի առաւելաբար գիրով՝ համակարգիչի եւ համացանցի միջոցով : Իսկ մենք, Հայաստան եւ Սփիւռք,  գիրով բաժնուած ենք իրարմէ: Անհրաժեշտ է ձերբազատուիլ ազգի բաժանուածութիւնը տեւականացնող եւ լեզուն աղքատացնող այս վնասակար ուղղագրութենէն:

Ի  վերջոյ  պէտք  է ընդունիլ,  թէ  ա՛յս  է  ցաւը:  Ա՛յս  է  հարցերու  հարցը: Նոր ուղղագրութի՛ւնն է պատճառը Հայաստանի եւ Սփիւռքի բաժանուածու-թեան:  Ուրիշ որեւէ գետնի վրայ մենք անջատուածութիւն չենք ունեցած: Այս բաժանուածութի՛ւնը  պէտք է վերացնել, որպէսզի լեզուական եւ հոգեկան խանգարուած կապը վերահաստատուի մեր ժողովուրդի երկու հատուածնե-րուն միջեւ, երկու լեզուներն ալ իրարմէ օգտուին, բնական զարգացում եւ հարստացում արձանագրեն: Մինչդեռ այսօր, երկու լեզուներն ալ նահանջի մէջ են, արեւմտահայերէնը՝ անպաշտպան մնալով, չվայելելով նեցուկը հայրենիքի, իսկ Հայաստանի արեւելահայերէնն ալ խաթարուած է, խճողուած ըլլալով օտար բառերով, սխալ բառաբարդումներով եւ սխալ ածանցում-ներով՝  ուղղագրական տարբերութիւնները անտեսելու, գրաբար մայր լեզուէն եւ արեւմտահայերէնի ժառանգութենէն չօգտուելու պատճառով: Այսօր, ուրեմն,  Հայ ժողովուրդի  գե՛ր  խնդիրը  գրաւոր լեզուի այս երկփեղկուածութեան վերացումն է:

1991-ին,  Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան «Լեզուի մասին» օրէնքը Հայաստանի պաշտօնական լեզուն սահմանեց հայերէնը եւ տնօրինեց «ուղղագրութիւններու միասնականացումը»,  ինչ որ ցարդ տեղի չունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ազատ, անկախ պայմաններուն մէջ:

 

ԹԷ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԱՐԵԼԻ Է ՈՒՂՂԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆԱՑՆԵԼ.-

Այս հարցը Հայաստանի եւ Հայ ժողովուրդի ապագային առնչուած ռազմավարական հարց է:  Հետեւաբար,անհրաժեշտ  է  Սփիւռքահայ  մասնագէտներու  հետ  խորհրդակցաբար  մշակել  լեզուական ազգային քաղաքականութիւն մը,  որու  համաձայն  պաշտօնպէս ժողովուրդին կը յայտարարուի   թէ ՀՀ Սահմանադրութեան տրամադրութեան  համաձայն   հայերէնի   ուղղագրութիւնները պիտի միասնականացուին՝ դասականի հիմքի վրայ,  նկատի  առնելով  նաեւ  երկու  ուղղագրութիւններու մէջ  դեռեւս    բարեփոխման   կարիք  ունեցող  կէտերը, չլուծուած հարցերը: Առ այդ, հայեցակարգ կը մշակուի  եւ կ՛որոշուին այս հարցի կարգադրման յաջորդական փուլերը, իրենց  հերթականութեամբ,  նաեւ կ՛որոշուի  անցումային  ժամանակաշրջանը, որու ընթացքին Սփիւռքահայ  մասնագէտ-ներու  հետ  խորհրդակցութիւններով եւ համախոհութեամբ կ՛որոշուի ամէն մէկ բառի    ճակատագիրը, կը պատրաստուին նոր դասագրքեր եւ ուսուցիչներ:

Անհրաժեշտ է նաեւ  հանրակրթական դպրոցերու եւ Բուհերու մէջ պաշտօնապէս մտցնել արեւմտահայ լեզուի եւ քերականութեան դասաւանդումը:  Նոյնպէս, Պետական համա- լսարանի մէջ անհրաժեշտ է ստեղծել  Արեւմտահայ Լեզուի Ամպիոն՝ լիակատար ծրագրով  (լեզու, քերականութիւն, ուղղագրութիւն, գրականութիւն) եւ լիակատար ժամաքանակով: Կարելի է նոյնիսկ կրթաթոշակ սահմանել այս ճիւղին հետեւողնեերուն, դիմելով Կիւլպէնկեան կամ այլ հաստատութեան օգնութեան: Կրթաթոշակի շնորհիւ շահագրգռութիւն կը ստեղծուի, Սփիւռքահայ  ուսանողներ եւս կու գան Հայաստան  եւ կը պատրաստուին որպէս հայագէտներ՝ երկու լեզուներուն ալ տիրապետելով: Անոնք, որպէս  հայերէնի ուսուցիչներ, կրնան դասաւանդել թէ՛ Հայաստանի մէջ, եւ թէ կրնան Սփիւռքի դպրոցներ գործուղղուիլ: Այսպիսով, Հայաստան, տարիներու ընթացքին  կը դառնայ հայագէտներ եւ ուսուցիչներ պատրաստող կեդրոն: Նաեւ Սփիւռքահայ աշակերտներու հետ շփումը կը նպաստէ երկու ժողովուրդներու եւ լեզուներու բնական մերձեցման:

Յուսադրիչ է Սփիւռքի Նախարարութեան եւ Գ.Ա.Ա. Լեզուի Ինտիտուտի միասնաբար կազմակերպած ներկայ գիտաժողովը, նուիրուած՝ արեւելահայ եւ արեւմտահայ լեզուներու մերձեցման հարցին, որ կրնայ լուծուիլ գրաւոր լեզուներու միասնականացումով, եթէ կողմերը, մանաւանդ Հայաստանի իշխանութիւնները ռազմավարական այս քայլին դիմեն գործնապէս, ազգային մտածողութեամբ եւ ազգային միասնական կամքով:

               Դոկտ. Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան (Սորպոնի Համալսարան)

                                                        30 Յուլիս 2015, Երեւան.

Հայտարարություններ

  •          ՀՀ ԳԱԱ Հ․ Աճառյանի անվան լեզվի ինստիտուտի կիրառական լեզվաբանության բաժինը շարունակում է սեմինարների շարքը՝ նվիրված էլեկտրոնային պաշտոնական հաղորդակցման յուրահատկություններին և ժամանակակից տեխնոլոգիաներից օգտվելու եղանակներին։

             Շարքի հերթական սեմինարը տեղի կունենա նոյեմբերի 20-ին ՀՀ ԳԱԱ լեզվի ինստիտուտի կիրառական...

  •    Հարգելի՛ գործընկերներ,

                Սիրով տեղեկացնում ենք, որ ՀՀ ԳԱԱ Հ. Աճառյանի անվան լեզվի ինստիտուտը   2024 թ. հոկտեմբերի 10-ին հրավիրում է «Բառագիտության արդի խնդիրներ» խորագրով հանրապետական գիտաժողով՝ նվիրված Հայկ Ամալյանի 100-ամյակին:

             Գիտաժողովին զեկուցումով...

  •      «Ջահուկյանական ընթերցումներ»-ը այսուհետև  հրատարակվում է իբրև մաս­նա­գի­տական, կույր գրախոսվող  հանդես՝  հայոց լեզվին և ընդ­հանուր լեզվա­բա­նու­թյանն առնչվող ամենատարբեր տեսական և թեմատիկ  հարցա­դրումների համար հարթակ  տրամադրելով ինչպես Հայաս­տա­նի, այնպես էլ արտերկրի գիտնականներին:
         Ընդունվում են հայերեն, անգլերեն,...

Ատենախոսություններ

Միրանուշ Էդուաարդի Կեսոյան  «Ներակայումը արդի հայերենում»

 (թեկնածուական ատենախոսություն)  Ժ.02.01 «Հայոց   լեզու»

30.10.2024, ժ.15-ին

Գիտական  ղեկավար...

Ամիր Մեհդիի Զեյղամի  «Էթնոնիմների իմաստային զարգացումը պարսից դասական գրականության մեջ
(IX –XVI դարեր)»
 (թեկնածուական ատենախոսություն)  Ժ.02.06 «Ասիայի հին և նոր  լեզուներ»
26....

 
Education - This is a contributing Drupal Theme
Design by WeebPal.