Այսօր, Երեւանի մէջ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ նիստերու դահլիճի երդիքին տակ կը սկսի «Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրները» խորագրեալ համաժողովը, որու կազմակերպիչներն են Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը եւ ակադեմիոյ «Հրաչեայ Աճառեան» լեզուի կաճառը:
Համաժողովի նպատակներուն մասին տեղեկութիւններ ստանալու համար ԺԱՄԱՆԱԿ դիմեց համակազմակերպիչներէն «Հրաչեայ Աճառեան» լեզուի կաճառի Հայոց լեզուի պատմութեան բաժնի վարիչ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Տոց. Գայիանէ Մխիթարեանին, որ ըսաւ, թէ Հայաստանի անկախութենէն ետք հայոց լեզուի խնդիրներուն նուիրուած համաժողովներ շատ կազմակերպուած են, բայց Սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումէն վերջ, երբ առաւել ուշադրութեան տակ առնուեցան Սփիւռքի խնդիրները, «Հրաչեայ Աճառեան» լեզուի կաճառի կազմակերպած համաժողովներու մէջ առանձնայատուկ տեղ տրուեցաւ արեւմտահայերէնին: Նման առաջին համաժողովը կազմակերպուած է 2009 թուականին, Ծաղկաձորի մէջ՝ նիւթ ունենալով առաւելաբար արեւմտահայերէնի կանոնակարգման հարցերը:
Այսօրուան համաժողովը, ինչպէս նշեց մեր զրուցակիցը, նորութիւն է թէ՛ խորագրի, թէ՛ արծարծուելիք հարցերու առումով, քանի որ առաջին անգամ փորձ պիտի կատարուի քննարկել հայերէնի երկու ճիւղերու մերձեցման, հնարաւոր մօտեցման խնդիրները:
Գայանիէ Մխիթարեան նշեց, որ նման անհրաժեշտութիւն յառաջացած է վերջին տարիներուն Հայաստան-Սփիւռք կապերու սերտացման զուգահեռ, նկատի առնելով, որ հայաստանցիներու եւ սփիւռքահայերու կապերն ու շփումները աւելցած են, եւ այդ մէկը ծնած է լեզուի միջոցաւ դիւրին հաղորդակցելու, հասկցուելու անհրաժեշտութիւն: «Մանաւանդ, երբ ուսումնասիրութիւններու արդիւնքին կը պարզենք, որ արեւմտահայերէնի մէջ ներթափանցած են արեւելահայերէն արտայայտութիւններ, բառեր եւ հակառակը՝ արեւելահայերէնը վերջին տարիներուն միտում ունի ընդհանուր բառեր որդեգրելու արեւմտահայերէնէն: Այս մէկը նկատելի է մանաւանդ օրաթերթերու մէջ: Մասնագէտները այս եզրակացութեան յանգած են՝ ուսումնասիրելով Սփիւռքի եւ հայկական այլ գաղթօճախներու մէջ տպագրուող օրաթերթերու եւ հայաստանեան մամուլի լեզուն», ըսաւ Գայիանէ Մխիթարեան:
Միեւնոյն ժամանակ, ան աւելցուց, որ անկախ համաժողովներէ՝ «Հրաչեայ Աճառեան» լեզուի կաճառը հետեւողական աշխատանք կը տանի՝ արեւմտահայերէնի հարցերը իր ուշադրութեան տակ պահելու, արեւմտահայերէնը նաեւ Հայաստանի մէջ հասու դարձնելու, անոր պահպանութեան միտուած աշխատանքներ կատարելու ուղղութեամբ: Այս նոյն նպատակին կը ծառայէ 2013 թուականին Լեզուի կաճառէն ներս ստեղծուած Արեւմտահայերէնի ուսումնասիրութեան բաժինը, որու աշխատանքները կը ղեկավարէ ծանօթ լեզուաբան, բանասիրական գիտութիւններու տոքթոր, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ թղթակից անդամ Փրոֆ. Արտեմ Սարգսեան: Արեւմտահայերէնի ուսումնասիրութեան կեդրոնը արդէն հրատարակած է Սուրիոյ գաղութի մշակութային հարցերուն նուիրուած հատորեակ, իսկ արդէն պատրաստ է եւ շուտով կը թողարկուի արեւմտահայերէնէ-արեւելահայերէն ելեկտրոնային բառարանը՝ համացանցի վրայ: Գայիանէ Մխիթարեան նշեց, որ Լեզուի կաճառէն ներս գործող այդ կեդրոնին շուրջ համախմբուած են տասնամեակներ շարունակ արեւմտահայերէնի հարցերով զբաղած լաւագոյն մասնագէտները՝ թէ Հայաստանէն, թէ՛ Սփիւռքէն:
Գալով երկօրեայ համաժողովին՝ Գայիանէ Մխիթարեան տեղեկացուց, որ մասնակցութեան հետաքրքրութիւնը բաւականին մեծ եղած է. մօտաւորապէս եօթանասուն մասնակցութեան դիմումներ հասած են Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն։ Բայց նկատի առնելով համաժողովի սահմանափակ ժամանակը, ընտրուած է յայտերու կէսը: Ներկայացուելիք զեկուցումները արեւմտահայերենի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման հարցերէն զատ կը պարունակեն նաեւ արեւմտահայերէնի պահպանութեան, գործառութեան, ուսուցման, կանոնակարգման խնդիրներ, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կը կատարուի առհասարակ հայերէն լեզուի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն:
Հիմնական զեկուցաբերներու շարքին Գայիանէ Մխիթարեան թուարկեց «Մեսրոպեան Ուխտ» լեզուապահպանական միութեան նախագահ Նշան Որբերեանի, «Բագին» գրական հանդէսի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Պալեանի, սուրիահայ լեզուաբան ու գրող Յակոբ Չոլաքեանի, Փարիզէն Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեանի, ՀԲԸՄ Եգիպտոսի մասնաճիւղի ատենապետ Պերճ Թէրզեանի, Հայաստանէն «Հրաչեայ Աճառեան» լեզուի կաճառի տնօրէն Վիքթոր Կատուալեանի, լեզուաբան ու դասախօս Դաւիթ Կիւրճինեանի, Երեւանի Պետական համալսարանի դասախօսներէն Եուրի Աւետիսեանի, «Խաչատուր Աբովեան» պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» կեդրոնի տնօրէն Սուրէն Դանիէլեանի եւ այլոց անունները:
Արեւմտահայերէնի հարցերով զբաղող Սփիւռքի ծանօթ լեզուաբաններէն ոմանք զանազան պատճառներով կը բացակային համաժողովէն։ Ինչպէս նշեց մեր զրուցակիցը՝ ներկայ չեն կրնար ըլլալ Յարութիւն Քիւրքճեան (Գանատա), Արմենակ Եղիայեան (Լիբանան), որոնք, սակայն, ուղարկած են իրենց զեկոյցները՝ համաժողովի ընթացքին ընթերցման համար։ Նոյնպէս Արտեմ Սարգսեանն ալ (Միացեալ Նահանգներ) կը բացակայի ակամայ եւ իր զեկուցումն ալ կը ներկայացուի համաժողովի մասնակիցներուն։
Համաժողովի բացումը կը կատարէ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Բացման հանգրուանին մասնակիցները կ՚ողջունեն նաեւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեան եւ Լեզուի տեսչութեան պետ Սէրկէյ Երիցեան։ Վիքթոր Կատուալեանն ալ այս հանգրուանին զեկուցում մը կը ներկայացնէ Եղեռնէն հարիւր տարի անց հայոց լեզուին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն շուրջ։
Նյութի աղբյուրը՝
http://www.jamanak.com/content/%D5%AC%D6%80%D5%A1%D5%B0%D5%B8%D5%BD/29-0...