
Ուրբաթ, 11 Մայիս 2018ին Հրաչեայ Աճարեանի անուան լեզուի ինստիտուտին մէջ տեղի ունեցաւ սեմինար՝ «Գոյականի հայցական հոլովը եւ ներգործական բայերու խնդրառութիւնը արեւմտահայերէնի մէջ» խորագրով, ներկայութեամբ ինստիտուտի գիտաշխատողներու: Զեկուցողն էր արեւմտահայերէնի բաժինի կրտսեր գիտաշխատող Սօսի Միշոյեան: Սեմինարի նպատակն էր վեր առնել արդի հայերէնի արեւմտեան գրական ճիւղի հայցական հոլովով դրուած գոյական անդամի իւրայատկութիւնները, հայցական հոլովի շարահիւսական պաշտօնները:
Միշոյեանի աշխատութեան մեծ մասը նուիրուած էր արեւմտահայ քերականութեան մէջ անհրաժեշտ խորութեամբ չուսումնասիրուած երեւոյթներուն եւ բառարաններու խառնաշփոթ վիճակին:
Սեմինարի աւարտին տեղի ունեցան շահեկան քննարկումներ, որոնց լոյսին տակ շեշտուեցաւ բնագրային հսկայ նիւթի հաւաքման աշխատանքի կարեւորութիւնը եւ բարբառներու հետ համեմատականի կատարումը. բան մը, որ ցարդ չկայ արեւմտահայերէնի պարագային:
Դոկտորական ատենախոսություն Մհեր Սուրենի Քումունց
Մհեր Սուրենի Քումունց «Արցախ-Սյունիքի բարբառային բառապաշարը»
(դոկտորական) Ժ.02.01 «Հայոց լեզու»
05.12.2025, ժ.15-ին
...