
21 Մարտ 2019-ին, արեւմտահայերէնի բաժինի հերթական գիտական սեմինարը վարեց Յակոբ Չոլաքեանը, որ ներկայացուց իր միջ-գաւառական անեկդոտներ հատորէն մասեր, որոնք ժողովրդական բանահիւսութեան իւրայատուկ նմուշներ են: Գիրքի մէջ տեղ գտած են` վանեցիներու, այնթէպցիներու, մարաշցիներու, քեսապցիներու եւ այլոց սրամիտ պատումները: Սակայն Չոլաքեանի վկայութեամբ, հետաքրքիրն այն է, որ իւրաքանչիւր գաւառացի այլ գաւառացիի հետ խօսելու ժամանակ դիմած է անոր բառբառով` ի նշան յարգանքի. իսկ կատակելու ընթացքին օգտագործած է անոր բարբառի մէջ առկայ օտար` արաբերէն կամ թուրքերէն, բառերը եւ կամ` զանոնք յատկանշող բնաւորութեան գիծերը:
Դոկտորական ատենախոսություն Մհեր Սուրենի Քումունց
Մհեր Սուրենի Քումունց «Արցախ-Սյունիքի բարբառային բառապաշարը»
(դոկտորական) Ժ.02.01 «Հայոց լեզու»
05.12.2025, ժ.15-ին
...