ՀՀ ԳԱԱ Հ. Աճառյանի անվան լեզվի ինստիտուտի հայոց լեզվի պատմության բաժնի վարիչ, բ.գ.թ. Գայանե Մխիթարյանի հարցազրույցը Ստամբուլի «Ժամանակ օրաթերթում» /29.07.2015թ/.

29/07/2015

Այ­սօր, Ե­րե­ւա­նի մէջ, Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ նիս­տե­րու դահ­լի­ճի եր­դի­քին տակ կը սկսի «Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի եւ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի մեր­ձեց­ման խնդիր­նե­րը» խո­րագ­րեալ հա­մա­ժո­ղո­վը, ո­րու կազ­մա­կեր­պիչ­ներն են Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը եւ ա­կա­դե­միոյ «Հրա­չեայ Ա­ճա­ռեան» լե­զուի կա­ճա­ռը:

Հա­մա­ժո­ղո­վի նպա­տակ­նե­րուն մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ ստա­նա­լու հա­մար ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ դի­մեց հա­մա­կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րէն «Հրա­չեայ Ա­ճա­ռեա­ն» լե­զուի կա­ճա­ռի Հա­յոց լե­զուի պատ­մու­թեան բաժ­նի վա­րիչ, բա­նա­սի­րա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու թեկ­նա­ծու Տոց. Գա­յիա­նէ Մխի­թա­րեա­նին, որ ը­սաւ, թէ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թե­նէն ետք հա­յոց լե­զուի խնդիր­նե­րուն նուի­րուած հա­մա­ժո­ղով­ներ շատ կազ­մա­կեր­պուած են, բայց Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան ստեղ­ծու­մէն վերջ, երբ ա­ռա­ւել ու­շադ­րու­թեան տակ առ­նուե­ցան Սփիւռ­քի խնդիր­նե­րը, «Հրա­չեայ Ա­ճա­ռեա­ն» լե­զուի կա­ճա­ռի կազ­մա­կեր­պած հա­մա­ժո­ղով­նե­րու մէջ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ տեղ տրուե­ցաւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նին: Նման ա­ռա­ջին հա­մա­ժո­ղո­վը կազ­մա­կերպուած է 2009 թուա­կա­նին, Ծաղ­կա­ձո­րի մէջ՝ նիւ­թ ու­նե­նա­լով ա­ռա­ւե­լա­բար ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի կա­նո­նա­կարգ­ման հար­ցե­րը:

Այ­սօ­րուան հա­մա­ժո­ղո­վը, ինչ­պէս նշեց մեր զրու­ցա­կի­ցը, նո­րու­թիւն է թէ՛ խո­րագ­րի, թէ՛ ար­ծար­ծուե­լիք հար­ցե­րու ա­ռու­մով, քա­նի որ ա­ռա­ջին ան­գամ փորձ պի­տի կա­տա­րուի քննար­կել հա­յե­րէ­նի եր­կու ճիւ­ղե­րու մեր­ձեց­ման, հնա­րա­ւոր մօ­տեց­ման խնդիր­նե­րը:

Գա­յա­նիէ Մխի­թա­րեան նշեց, որ նման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն յա­ռա­ջա­ցած է վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Հա­յաս­տան-Սփիւռք կա­պե­րու սեր­տաց­մա­ն զու­գա­հեռ, նկա­տի առ­նե­լով, որ հա­յաս­տան­ցի­նե­րու եւ սփիւռ­քա­հա­յե­րու կա­պերն ու շփում­նե­րը ա­ւել­ցած են, եւ այդ մէ­կը ծնած է լե­զուի մի­ջո­ցաւ դիւ­րին հա­ղոր­դակ­ցե­լու, հասկ­ցուե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն: «Մա­նա­ւանդ, երբ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին կը պար­զենք, որ ա­րեւմտա­հա­յե­րէ­նի մէջ ներ­թա­փան­ցած են ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ, բա­ռեր եւ հա­կա­ռա­կը՝ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն մի­տում ու­նի ընդ­հա­նուր բա­ռեր որ­դեգ­րե­լու ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նէն: Այս մէ­կը նկա­տե­լի է մա­նա­ւանդ օ­րա­թեր­թե­րու մէջ: Մաս­նա­գէտ­նե­րը այս եզ­րա­կա­ցու­թեան յան­գած են՝ ու­սում­նա­սի­րե­լով Սփիւռ­քի եւ հայ­կա­կան այլ գաղ­թօ­ճախ­նե­րու մէջ տպագ­րուող օ­րա­թեր­թե­րու եւ հա­յաս­տա­նեան մա­մու­լի լե­զու­ն», ը­սաւ Գա­յիա­նէ Մխի­թա­րեան:

Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, ան ա­ւել­ցուց, որ ան­կախ հա­մա­ժո­ղով­նե­րէ՝ «Հրա­չեայ Ա­ճա­ռեա­ն» լե­զուի կա­ճա­ռը հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տանք կը տա­նի՝ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի հար­ցե­րը իր ու­շադ­րու­թեան տակ պա­հե­լու, ա­րեւմտա­հա­յե­րէ­նը նաեւ Հա­յաս­տա­նի մէջ հա­սու դարձ­նե­լու, ա­նոր պահ­պա­նու­թեա­ն մի­տուած աշ­խա­տանք­ներ կա­տա­րե­լու ուղ­ղու­թեամբ: Այս նոյն նպա­տա­կին կը ծա­ռա­յէ 2013 թուա­կա­նին Լե­զուի կա­ճա­ռէն ներս ստեղ­ծուած Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ու­սում­նա­սի­րու­թեան բա­ժի­նը, ո­րու աշ­խա­տանք­նե­րը կը ղե­կա­վա­րէ ծա­նօթ լե­զուա­բան, բա­նա­սի­րա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու տոք­թոր, Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միո­յ թղթա­կից ան­դամ Փրոֆ. Ար­տեմ Սարգ­սեա­ն: Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ու­սում­նա­սի­րու­թեան կեդ­րո­նը ար­դէն հրա­տա­րա­կած է Սու­րիոյ գա­ղու­թի մշա­կու­թա­յին հար­ցե­րուն նուի­րուած հա­տո­րեակ, իսկ ար­դէն պատ­րաստ է եւ շու­տով կը թո­ղարկուի ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նէ-ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն ե­լեկտ­րո­նա­յին բա­ռա­րա­նը՝ հա­մա­ցան­ցի վրայ: Գա­յիա­նէ Մխի­թա­րեան նշեց, որ Լե­զուի կա­ճա­ռէն ներս գոր­ծող այդ կեդ­րո­նին շուրջ հա­մախմ­բուած են տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի հար­ցե­րով զբա­ղած լա­ւա­գոյն մաս­նա­գէտ­նե­րը՝ թէ Հա­յաս­տա­նէն, թէ՛ Սփիւռ­քէն:

Գա­լով եր­կօ­րեայ հա­մա­ժո­ղո­վին՝ Գա­յիա­նէ Մխի­թա­րեան տե­ղե­կա­ցուց, որ մաս­նակ­ցու­թեան հե­տաքրք­րու­թիւ­նը բա­ւա­կա­նին մեծ ե­ղած է. մօ­տա­ւո­րա­պէս եօ­թա­նա­սուն մաս­նակ­ցու­թեան դի­մում­ներ հա­սած են Հա­յաս­տա­նէն եւ Սփիւռ­քէն։ Բայց նկա­տի առ­նե­լով հա­մա­ժո­ղո­վի սահ­մա­նա­փակ ժա­մա­նա­կը, ընտ­րուած է յայ­տե­րու կէ­սը: Ներ­կա­յա­ցուե­լիք զե­կու­ցում­նե­րը ա­րեւմ­տա­հա­յե­րե­նի եւ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի մեր­ձեց­ման հար­ցե­րէն զատ կը պա­րու­նա­կեն նաեւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պահ­պա­նու­թեան, գոր­ծա­ռու­թեան, ու­սուց­ման, կա­նո­նա­կարգ­ման խնդիր­ներ, ինչ­պէս նաեւ անդ­րա­դարձ կը կա­տա­րուի առ­հա­սա­րակ հա­յե­րէն լե­զուի առ­ջեւ ծա­ռա­ցած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն:

Հիմ­նա­կան զե­կու­ցա­բեր­նե­րու շար­քին Գա­յիա­նէ Մխի­թա­րեան թուար­կեց «Մես­րո­պեան Ուխ­տ» լե­զուա­պահ­պա­նա­կան միու­թեան նա­խա­գահ Նշան Որ­բե­րեա­նի, «Բա­գի­ն» գրա­կան հան­դէ­սի գլխա­ւոր խմբա­գիր Յա­կոբ Պա­լեա­նի, սու­րիա­հայ լե­զուա­բան ու գրող Յա­կոբ Չո­լա­քեա­նի, Փա­րի­զէն Հիլ­տա Գալ­ֆա­յեան-Փա­նո­սեա­նի, ՀԲԸՄ Ե­գիպ­տո­սի մաս­նա­ճիւ­ղի ա­տե­նա­պետ Պերճ Թէր­զեա­նի, Հա­յաս­տա­նէն «Հրա­չեայ Ա­ճա­ռեա­ն» լե­զուի կա­ճա­ռի տնօ­րէն Վիք­թոր Կա­տուա­լեա­նի, լե­զուա­բան ու դա­սա­խօս Դա­ւիթ Կիւր­ճի­նեա­նի, Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս­նե­րէն Եու­րի Ա­ւե­տի­սեա­նի, «Խա­չա­տուր Ա­բո­վեան» պե­տա­կան ման­կա­վար­ժա­կան հա­մալ­սա­րա­նի «Սփիւռք» կեդ­րո­նի տնօ­րէն Սու­րէն Դա­նիէ­լեա­նի եւ այ­լոց ա­նուն­նե­րը:

Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի հար­ցե­րով զբա­ղող Սփիւռ­քի ծա­նօթ լե­զուա­բան­նե­րէն ո­մանք զա­նա­զան պատ­ճառ­նե­րով կը բա­ցա­կա­յին հա­մա­ժո­ղո­վէն։ Ինչ­պէս նշեց մեր զրու­ցա­կի­ցը՝ ներ­կայ չեն կրնար ըլ­լալ Յա­րու­թիւն Քիւրք­ճեան (Գա­նա­տա­), Ար­մե­նակ Ե­ղիա­յեան (Լի­բա­նա­ն), ո­րոնք, սա­կայն, ու­ղար­կած են ի­րենց զե­կոյց­նե­րը՝ հա­մա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին ըն­թերց­ման հա­մար։ Նոյն­պէս Ար­տեմ Սարգսեանն ալ (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ) կը բա­ցա­կա­յի ա­կա­մայ եւ իր զե­կու­ցումն ալ կը ներ­կա­յա­ցուի հա­մա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րուն։

Հա­մա­ժո­ղո­վի բա­ցու­մը կը կա­տա­րէ Հա­յաս­տա­նի Ս­­փիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան: Բաց­ման հանգրուա­նին մաս­նա­կից­նե­րը կ՚ող­ջու­նեն նաեւ Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ նա­խա­գահ Ռա­դիկ Մար­տի­րո­սեան եւ Լեզուի տես­չու­թեան պետ Սէր­կէյ Ե­րի­ցեան։ Վիք­թոր Կա­տուա­լեանն ալ այս հանգ­րուա­նին զե­կու­ցում մը կը ներ­կա­յաց­նէ Ե­ղեռ­նէն հա­րիւր տա­րի անց հա­յոց լե­զուին առ­ջեւ ծա­ռա­ցած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն շուր­ջ։

Նյութի աղբյուրը՝

 http://www.jamanak.com/content/%D5%AC%D6%80%D5%A1%D5%B0%D5%B8%D5%BD/29-0...

Հայտարարություններ

  •         ՀՀ ԳԱԱ Հ. Աճառյանի անվան լեզվի ինստիտուտը հայտարարում է 2026-2027 ուսումնական տարվա առկա ասպրանտուրայի ընդունելություն՝
    «Հայոց լեզու» (Ժ.02.01) և «Ընդհանուր և համեմատական լեզվաբանություն» (Ժ.02.02) մասնագիտություններով:
         Մրցութային կարգով ասպիրանտուրա կարող են ընդունվել ՀՀ այն քաղաքացիները, որոնք ունեն մագիստրոսի կամ...

  • Հարգելի՛ գործընկերներ,
            Սիրով տեղեկացնում ենք, որ ՀՀ ԳԱԱ Հ. Աճառյանի անվան լեզվի ինստիտուտը   2026 թ.  հունիսի 30-ին հրավիրում է «Բառագիտության հարցեր» խորագրով միջազգային գիտաժողով: ...
  • Յարգելի՛ գործընկերներ,
    Սիրով կը տեղեկացնենք, որ ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի Արեւմտահայերէնի բաժինը, 2026 թուականի սեպտեմբեր 25-ին, կը կազմակերպէ «Արեւմտահայերէնի հիմնահարցեր Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ» խորագիրով միջազգային գիտաժողով։...

Ատենախոսություններ

Թեկնածուական ատենախոսություն, Էդիտա Ռոբերտի Ալթունյան
Էդիտա Ռոբերտի Ալթունյան   «Տարածաժամանակային հարաբերությունների արտահայտությունը
Ղարաբաղի բարբառում»
 (թեկնածուական...

Դոկտորական ատենախոսություն Մհեր Սուրենի Քումունց
Մհեր Սուրենի Քումունց  «Արցախ-Սյունիքի բարբառային բառապաշարը»
 (դոկտորական)  Ժ.02.01 «Հայոց լեզու»
06.03.2026, ժ.15-ին
 ...

 
Education - This is a contributing Drupal Theme
Design by WeebPal.